Կարի՛քն ունինք իրարու, ինչպէս կարի՛քն ունինք լսելու մեր պատմութիւնները
Թո՛ղ գրելու և թարգմանելու շարժումը սկսի՛։ Արցախի երկրորդ պատերազմի ողբերգական իրադարձութիւնները խոր վէրքեր բացին ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Սփիւռքի մէջ, բացայայտելով շատ լուրջ հարցեր ու թերութիւններ որոնք պէտք է մտահոգիչ ըլլան։ Այնուհետեւ, համայնական ցնցումի ու խոցի ետին կան մեծ զոհաբերութեան, վշտի, յուսախաբութեան ու հերոսային անհատական պատմութիւններ։ Անոնք պահուած են մեր ժողովուրդի ու անոր ճշմարիտ ընկերներու մտքերուն ու սրտերուն մէջ։ Պատմութիւններ, ոմանք առանձնաբար կը պատմուին շշնչալով, ուրիշներ ալ կ՛եռան ներսէն՝ բարձրաձայն գոռալու ցանկութեամբ։ Այս զուտ մարդկային պատմութիւնները ձայներն են ժողովուրդի մը՝ համախմբուած քաղաքական սահմանափակումներէ, մեղադրանքներէ եւ ընկերային բախումներէ անդին։
Այս պատմութիւնները պէտք է պատմուին ժողովուրդի լեզուով, իրենց ամբողջ բազմազանութեամբ։ Անոնք աժան քաղաքական եւ հրապարակային յայտարարութիւններ չեն․ այլ գունաւոր խճաքարեր, որոնք քով քովի գալով՝ կը ստեղծեն ցաւի եւ յոյսի սրտաշարժ խճապատկերը։ Պատկեր մը, ուր որքան շատ պատմութիւններ պատմուին, մեկտեղուին ու գրուին, այնքան գեղեցկութեամբ պիտի աճի։ Թարգմանելով պատմութիւնները, ամբողջ աշխարհը պիտի իմանայ, իսկ մենք պիտի սկսինք զիրար տեսնել նոր լոյսի տակ։
Պէտք է հաւատա՛նք․ Պէ՛տք ունինք հաւատալու, որովհետեւ հաւատքին հետ կու գայ յոյսը, իսկ յոյսով կ՛իրականացնենք մեր գործը, որը իր կարգին կը բերէ հոգեկան բուժում, աճ եւ բարգավաճում։ Մենք պէտք է հասկնանք որ Արցախի աղէտի իւրաքանչիւր պատմութիւնը եւ մասնակից փորձառութիւնը կարեւոր է․ պէտք չ՛ունինք ցաւը մոռցնող դեղի եւ ոչ ալ «ես աւելի լաւ գիտեմ» տիտղոսի․ Ոչ ալ մեզ կարիքը կայ նոր դարաշրջան մը Հայաստանի եւ Սփիւռքի արատաւոր յարաբերութիւններու, այլ հասուն եւ ուժեղ յարաբերութիւններ, որոնք կարիքը ունին երկու կողմերուն գործակցութեան։ Պատասխանութիւն ստանձնել եւ ընդունիլ սեփական սխալները կարեւոր են այս գործընթացին մէջ։ Մենք պէտք է աշխատինք ցաւին հետ եւ նաև սկսինք սիրել ու ընդունիլ մեր տարբերութիւնները։ Առնուազն յարգենք զիրար եւ ընդգրկենք այն որ մնացած է։
Իմ խոր համոզումս է թէ ինչ ալ ըլլայ անհատական թէ միասնական մեր առնելիք ուղղութիւնը, մենք պիտի պահենք մեր ինքնութիւնը։ Հայութեան ժառանգութիւնը հարուստ է, բայց այլապէս ծարաւ․ կարիքը ունի մեր սրտերէն բխած սիրոյ աղբիւրին եւ մեր վճռական կամքի պատմութիւններուն՝ ապրելու եւ ստեղծագործելու համար։
Կը փափաքիմ քաջալերել իւրաքանջիւրդ՝ գրելու․ կարիքն ունինք իրարու, ինչպէս որ կարիքն ունինք լսելու մեր պատմութիւնները։
Յովնաթան Շբանկենպերկ
